2013-07-31 10:32:50

Հալէպի Հայաշատ Թաղամասերը` Շրջափակման Տակ


Սուրիոյ մէջ կը շարունակուի լարուած մնալ ներքաղաքական իրավիճակը: Ծանր կացութեան մէջ յայտնուած են յատկապէս պաշարման մէջ գտնուող Դամասկոսի մէջ բնակող հայերը եւ Հալէպ քաղաքի հայաշատ թաղամասերը:
Արաբագէտ Արմէն Պետրոսեանի կարծիքով` այն իրավիճակը, որ այժմ կը տիրէ Սուրիոյ մէջ, տակաւին երկար ժամանակ պիտի պահպանուի, քանի տակաւին թրքական կառավարութիւնը որդեգրած է յարձակողական եւ անհանդուրժողական քաղաքականութիւն ինչպէս սուրիացիներուն եւ քիւրտերուն, նոյնպէս ալ սուրիահայերուն նկատմամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.